Կազայի հատուածի քաղաքներու եւ բնակավայրերու վրայ վերջին 24 ժամուան ընթացքին Իսրայէլի յարձակումներու զոհ դարձած է առնուազն 37 մարդ, եւս 68-ը տեղափոխուած են հիւանդանոցներ։
Այս մասին իր թելեկրամեան ալիքին յայտնած է անկլաւի առողջապահութեան նախարարութիւնը:
«Իսրայէլեան յարձակման 197-րդ օրը զոհերու թիւը 34 հազար 12-էն հասած է 34 հազար 49-ի, իսկ վիրաւորներինը՝ 76 հազար 833-էն հասած է 76 հազար 901-ի»,- նշած է գերատեսչութիւնը։
Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ անկլաւի չորս շրջաններուն մէջ, ուր մարտեր կ՚ընթանան, կան տուժածներ, որոնք դեռ փլատակներու տակ են։ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ծառայութեան փրկարարները բուռն կրակի պատճառով չեն կրնար հասնիլ անոնց։