image

Կազա քաղաքը կրակի մէջ է․ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար

Կազա քաղաքը կրակի մէջ է․ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացը Կազայի հատուածին գիշերային հարուածներէն ետք յայտարարած է, որ «Կազա քաղաքը կրակի մէջ է» եւ վերահաստատած է գործողութիւններու ծրագիրը՝ մինչեւ պաղեստինեան «Համաս» շարժման պարտութիւնը եւ պատանդներու ազատ արձակումը։

«Կազան կրակի մէջ է։ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը երկաթէ բռունցքով կը հարուածէ ահաբեկչական ենթակառուցուածքները, իսկ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի զինուորները քաջաբար կը պայքարին՝ ստեղծելով պայմաններ պատանդներու ազատ արձակման եւ «Համաս»-ի ջախջախման համար։ Մենք պիտի չնահանջենք եւ պիտի չթուլացնենք ճնշումը, մինչեւ մեր առաքելութիւնը չաւարտի»,-գրած է Քացը X-ի էջին։

Աւելի վաղ,  Axios հաղորդած էր, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերը ցամաքային յարձակում սկսած են Կազա քաղաքի վրայ՝ այն բռնագրաւելու համար։