image

Կայլակի բանաստեղծութիւնները՝ «Արեւելք»ի էջերով

Կայլակի բանաստեղծութիւնները՝ «Արեւելք»ի էջերով

«Գտա՛յ հայր իմ, եւ արդարեւ, գտայ անունըդ գրչական», 

Ըսաւ Նայիրիս առջինեկ, հազիւ տասներկու տարեկան, 

«Դուն Կայլակ ես, հոսուն կաթիլ», յարեց՝ աչքերով ջրափայլ։

 

 

 Գեղեցիկ առիթով մը Ձեր հետ կուզենք բաժնեկցիլ մեր նոր հեղինակին՝ «Արեւելք»ի էջերուն միանալու լուրը։

Արդարեւ այսուհետեւ ամերիկահայ բանաստեղծ ՝ Կայլակ (Բուն անունով Մկօ Փանոսեան) իր մշտական սիւնակը պիտի ունենայ։

Ամերիկա հաստատուած Կայլակ, երկար ժամանակէ ի վեր հանդէս կու գայ հոգեխռով բանաստեղծութիւններով, անոր գործերը լոյս տեսած են սփիւռքով տարածուած հայկական պարբերականներու էջերուն եւ ուշագրաւն այն է, որ նիւթականացած ամերիկեան առօրեային մէջ ան կը շարունակէ հաւատալ ու գրել ոչ միայն իր հոգին փոթորկող երեւոյթներու, այլ մասնաւորապէս հայութեան հոգին ընթերցողի սեղանին տանող ոգեղէն արժէքներու մասին։

 Պահու մը, երբ հոգեւոր արժէքներու եւ արժանիքներու դէմ պայքարը կը շարունակէ սաստկանալ Կայլակ յանձն առած է բարձր առաքելութիւն մը, շարունակելով հաւատալ, որ կարեւորն ու կենսականը այն արժէքներն են, որ մարդուս յաւիտենութեան, հաւատքին եւ մարդկային ճշմարտութեան մասնիկը կը կազմեն։

 

 Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հեղինակի «Սէր ու կրակ» հատորին մուտք-նախաբանը, ուր ան լիիրաւ անմիջականութեամբ կը պատմէ այն մասին, թէ ինչ հանգամանքներու մէջ որոշում առաւ գրիչը վերցնել, այն գրիչը, որ իր եւ իր սերդնակիցներուն անունով պիտի ճախրէ ու մեզի մօտեցնէ այն իսկական արժէքներուն, որոնք կը կազմեն մաքուր հոգի կրող բանաստեղծ ՝ Կայլակի իրական էութիւնը։

 

Բարի ընթերցում 

 

 

Ահա՛ առաջին մուտքս գրական մարզէն ներս, վերյիշեցնելու սէրը հայոց սրտին ու վառելու կրակը իր ըմբոստ պայքարին։ Յուսալից եմ, որ մեր սերունդը նոր, չի զիջիր աշխարհի գաղտուկ ուժերուն, որոնք կը ձգտին մարդը իր ամբողջ էութեամբ երկրին կապել, այլ կը դիմէ ամենաբարձրեալի ուժին, կամքին եւ համբերութեամբ՝ ժամանակին։ Կը հաւատամ որ եթէ աշխարհը պիտի գոյատեւէ, շարունակ ծաղկի ու յառաջանայ՝ նախ մարդը պէտք է սիրոյ վրայ հիմնէ իր կեանքը եւ ոչ թէ ուրիշ մը քանդելու, հալածելու, երկիրներ կործանելու, ընտանիքներ բաժնելու եւ որբեր մէջտեղ բերելու, մարդկութեան խոց սրտին մէջ ա՛լ աւելի մեծ վէրքեր բանալով։

Բոլորս որպէս հայ, մեր գոյատեւումը կը պարտինք ոչ թէ մեր զինային ուժին, այլ մեր մշակոյթին, որ պահեց եւ դե՛ռ կը պահէ մեր ազգը, շնորհիւ Մեսրոպ Մաշտոցի հրաշաստեղծ այբուբենին որ կը փրկէ մեզ կորուստէն, տալով մտքի զօրութիւն եւ անկախութիւն օտար ազգերէն։ Ու ես՝ բաղձալով ըլլալ ժառանգորդ Մեսրոպ Մաշտոցի աւանդին, կը փափաքիմ ծառայել հայ մշակոյթին եւ նոր սերունդին, հայթայթելով քերթուածներ, գրելով բանաստեղծութիւններ, որպէսզի պանծացուի հայ երգը, մեր աշակերտներու շրթներուն միշտ նորոգուի հայոց մեծասքանչ քաղցր լեզուն, յուսալով որ ճախրանքի թեւեր առնեն հայ հոգիները, դիտեն կեանքը պարզ աչքերով, ներողամիտ ըլլալով իրարու հանդէպ՝ սիրեն ու բարձրացնեն զիրար, որպէսզի վեր պահեն եռագոյնը, միասնաբար կերտելով նոր կեանք, նո՛ր հայրենիք։

Յատուկ երախտագիտութիւնս եւ գոհունակութիւնս կը յայտնեմ բոլոր անոնց որոնք լռելեայն եւ կամ ուղղակի կերպով օժանդակ դարձան այս գիրքիս ծնունդին, մասնաւորապէս մեր շատ սիրելի Հայր Անտոն Ծայրագոյն Վարդապետ Ադամեանին, որ ծրագրիս առաջին քայլերէն ի վեր աջակցեցաւ եւ յատկապէս ժամանեց Տիթրոյթէն Լոս Անճելըս եւ իր սրբագրական աչալրջութեամբ ու թելադրութիւններով պսակեց «ՍԷՐ ՈՒ ԿՐԱԿ» հատորս։

Կանխիկ շնորհակալութիւնս բոլոր անոնց, որոնք հայ մշակոյթը յարգելով՝ սիրով պիտի ողջունեն եւ կարդան այս գիրքը։

Ես, որպէս աղօթարար ձեր բոլորին առողջութեան եւ ազգիս բարգաւաճման, յոյսով եմ որ ձեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ բարերար հետք մը թողու «ՍԷՐ ՈՒ ԿՐԱԿ» հատորս։

 

 

ԿԵԱՆՔԻ ԲԱՆԱԼԻՆ

 

 

Մենք բոլորըս, եւ անխտի՛ր, 

Մեր անցաւոր անհոգ մտքին, 

Կամ հոգեկան սայթաքումին, 

Մեր լոյս աչքի վերջալոյսին, 

Եւ կամ առողջ, անժոյժ սրտին՝ 

Բանալի մը կը որոնենք... 

Բանալին՝ մեր յաւերժ կեանքին, 

Բանալին՝ մեր սուրբ հաւատքին։

 

 

Հաւատքն է որ կը պահպանէ 

Մեր խեղճ սիրտը տկարակամ, 

Զօրութիւնը անոր մէջ է 

Աղօթքներուն մեր թուլակամ. 

Հաւատքն է որ կը դարմանէ 

Վախը հոգւոյ, ցաւը մահուան. 

Մեր կարճատես ճամբորդ աչքին՝ 

Միակ ուղին է լուսաբան, 

Իսկ մեր ծարաւ մտածումին՝ 

Մտքի ծովը հսկայական...

 

Տէ՛ր, աւելցուր հաւատքը մեր, 

Որ գրկենք ցաւը փորձութեան։ 

Տէ՛ր, աւելցուր հաւատքը մեր, 

Որ ցանենք հունտը փրկութեան։ 

Որ չկաղան աղօթքները

Մեր սրտերուն բացասական, 

Որ բազմանան քո շարքերը՝ 

Անխախտ ճամբուդ արքայութեան, 

Որ չհանգին հոգիները

Քու փրկարար սուրբ էութեան...։

 

 Կայլակ 

 

(Դեկտ.14, 2012)

 

Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974...