Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի՝ Եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտ կը կարծէ, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ունին ամուր խաղաղութիւն հաստատելու պատմական հնարաւորութիւն ՝ լուծելով հակամարտութիւնը, որ սկսած է Խորհրդային Միութեան փլուզման ժամանակ եւ շարունակուած աւելի քան 30 տարի:
Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, վկայակոչելով ԱՄՆ Սենատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի կայքը, այս մասին Տոնֆրիտն ըսած է յանձնաժողովին մէջ տեղի ունեցած քննարկման ժամանակ:
«Եղած են խնդիրներ, ինչպիսիք են ռազմական գործողութիւնները, որոնք բռնկեցան սեպտեմբեր 13-14-ին: Երբ սկսան ռազմական գործողութիւնները, մենք անմիջապէս ներգրաւուեցանք, որպէսզի կանգնեցնենք ռազմական բախումները: Այս բախումները մեզի յիշեցուցին իրավիճակի փխրունութեան եւ համապարփակ ամուր խաղաղութեան համաձայնագրի անհրաժեշտութեան մասին: Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն կարեւոր դեր ունեցաւ երկխօսութեան հաստատման հարցով: Ան երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումներ հիւրընկալեց 7 սեպտեմբերին եւ 7 նոյեմբերին, ինչպէս նաեւ 4 հոկտեմբերին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ երկու նախարարներու հետ: Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիւան 27 սեպտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ հանդիպեցաւ երկու երկիրներու իր գործընկերներու հետ՝ ի ցոյց դնելով ողջ վարչակազմի հաւատարմութիւնը խաղաղութեան հաստատման: Հիմնական մեր միջնորդութեամբ Ատրպէյճանը 4 հոկտեմբերին ազատ արձակեց 17 հայ ռազմագերիներ, որոնք գերեվարուած էին սեպտեմբերեան մարտերու ժամանակ: Այսպիսի քայլերը կ'օգնեն երկու կողմերու միջեւ վստահութիւն կառուցելու համար, եւ մենք կ'օգտագործենք ամէն հնարաւորութիւն՝ Ատրպէյճանին կոչ ընելու ազատ արձակելու մնացած պահուող անձանց: Մենք կը շարունակենք խրախուսել Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին պահպանելու բանակցութիւններու թափը, եւ մենք սա կ'ընենք ԵՄ-ի եւ այլ գործընկերներու հետ սերտ համակարգմամբ»,-ըսած է Տոնֆրիտ:
Ան աւելցուցած է, որ այս հանգամանքներուն մէջ դրական կը գնահատեն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ երկխօսութիւնը եւ կողմերուն օգնելու ցանկութիւն կը յայտնեն: