Օրերս Երեւանի մէջ ի ներկայութիւն պաշտօնական հիւրերու, ոլորտի մասնագէտներու եւ գործարար աշխարհի ներկայացուցիչներու տեղի ունեցաւ ուշագրաւ միջոցառում մը, ուր պաշտօնապէս հիմնադրումը յայտարարուեցաւ ՝ «Հայաստանի Հանքարդիւնաբերական Միջազգային Պալատ»-ը (International Chamber Of Mines ICMA)։
Նշենք, որ «Հայաստանի Հանքարդիւնաբերական Միջազգային Պալատ»ի հիմնական նպատակն է, ոչ միայն խթանել հանքարդիւնաբերութեան զարգացման, այլ նաեւ ներգրաւել սփիւռքահայ մասնագէտները Հայաստանի տնտեսութեան համար մեծ նեցուկ բերող այս ոլորտին։
«Արեւելք»ի Երեւանի թղթակիցը, որ ներկայ էր այս հանդիսաւոր միջոցառման եւ կարողացաւ շահեկան զրոյց մը իրականցանել հիմնադիր մարմնի անդամներէն՝ հայրենի իրաւաբան, պետական զանազան պաշտօններ զբաղեցուցած եւ «Հայաստանի Հանքարդիւնաբերական Միջազգային Պալատ»ի նախագահ՝ Տիար Արտիոմ Գեղամեանին հետ։
Ստորեւ կը ներկայացնենք զրոյցի հիմնական հատուածները, խոստանալով յառաջիկային աւելի մանրամասն տուեալներ եւ հարցազրոյցներ ներկայացնել լոյսին բերելու համար «Հայաստանի Հանքարդիւնաբերական Միջազգային Պալատ» ի հայրենաշէն գործունէութիւնը։
Ստորեւ հարցազրոյցը՝
-Պրն. Գեղամեան, ի՞նչ հիմնական նպատակներ կը հետապնդէ նոր հիմնուած կազմակերպութիւնը եւ ի՞նչ տուեալներ կարող էք հաղորդել մեր ընթերցողներուն։
Նախ ըսեմ, որ հիմնական նպատակն է, որ հանքարդիւնաբերութեան հիմնական շահառուն դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը։
Մեր կազմակերպութիւնը՝ «Հայաստանի Հանքարդիւնաբերական Միջազգային Պալատ»-ը ստեղծուեցաւ յունիս, 2023-ին: Այս կազմակերպութիւնը ստեղծեցինք հաշուի առնելով համաշխարհային հետաքրքրութիւնը մետաղներու եւ մետաղագործութեան բնագաւառին մէջ։
Միւս կողմէ ալ մեր երկրին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան որոշակի պաշարներու եւ հանքարդիւնաբերական փորձի առկայութիւնը կը ցանկանք, որ Հայաստան բերենք միջազգային լաւագոյն փորձը, արհեստագիտութիւնները, լաւագոյն բանապահպանական կառավարման եւ ընկերային չափանիշները: Նպատակի յաջորդ բաղկացուցիչը Հայաստանի Հանրապետութեան հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ ներդրողներու դաշտի զանազանութիւնն է, այսինքն՝ որպէսզի մենք կարողանանք ներդրողներ ներգրաւել նաեւ այլ երկիրներէ, մասնաւորապէս՝ այնպիսի երկիրներէ, որոնք աւանդաբար համարուած են հանքարդիւնաբերութեան բնօրաններ ինչպիսին են՝ Գանատան, Աւստրալիան, Հարաւային Ափրիկէն, Միացեալ Թագաւորութիւնը:
Ճիշդ է մենք ստեղծուած ենք բոլորովին վերջերս, բայց մինչ այդ, քննարկումները, ստեղծման աշխատանքները սկսած ենք անցեալ տարեվերջին եւ մեր հիմնադիները կը հանդիսանան գանատահայերն ու լիբանանահայերը, որոնք հանքարդիւնաբերութեան եւ մետաղագործութեան բնագաւառին մէջ համաշխարային ընկալում ունեցող մասնագէտներ են: Մեր համագործակցութիւնը այս պահու դրութեամբ յատկապէս խորացուած է Գանատայի, Միացեալ Թագաւորութեան եւ Միացեալ Նահագներու գործընկերներու հետ: Ի հարկէ մենք բաց ենք համագործակցելու բոլոր ուղղութիւններով, սակայն առարկայնօրէն հանքարդիւնաբերական բնագաւառին մէջ լաւագոյն փորձն ու լաւագոյն արհեստագիտութիւնները կը ծնին այդ երկիրներուն մէջ։ Յաջորդ կարեւոր տարրը մեր գործունէութեան կամ մեր նպատակին՝ հանքարդիւնաբերութիւն համար անվտանգութեան ապահովումն է։
Մենք կը ցանկանք, որ մեր բնական միջոցները դիտարկուին, ոչ միայն եւ ոչ այնքան առեւտուրի աղբիւր, այլ նաեւ նոր հայացակարգային մօտեցում ձեւաւորենք, եւ կառավարութեան նեցուկ կանգնինք։
Ի դէպ մենք կը համագործակցինք կառավարութեան հետ, որպէսզի մեր հանքային միջոցները ընկալուին որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգային ճարտարապետութեան կարեւոր տարր: Նման փորձ կայ աշխարհի մէջ եւ մենք պիտի աշխատինք կառավարութեան հետ, եւ արդէն ունինք ընդհանուր ըմբռնում այս ուղղութեամբ եւ աշխատանքները կը շարունակուին: Մեր գործունէութեան մէջ կարեւոր ուղղութիւն է նաեւ կառավարութեան կողմէ ընդունուած (այս տարուան Մայիսին) հանքարդիւնբերութեան ոլորտի զարգացման ռազմավարութեան իրականացումը, որովհետեւ մենք պիտի ներգրաւուինք այդ ռազմավարութեան աշխատնաքներու իրականացման մէջ:Անշուշտ այս շատ լաւ նորութիւն է ընդհանրապէս, թէ՛ մեր երկրի եւ թէ՛ հնարաւոր ներդրողներու համար, որովհետեւ ռազմավարութեան հետ համատեղ կառավարութիւնը ընդունած է նաեւ գործողութիւններու ծրագիր որ կը նախատեսէ յառաջիկայ 10 տարուան ընթացքին (մինչեւ 2035 թուական) հանքարդիւնաբերական ոլորտին մէջ հիմնական բարեփոխումներ առաջ մղել եւ այս որոշակի կանխատեսելիութիւն կը բերէ ոչ միայն ներդրողներուն, այլ ոլորտի բոլոր շահառուներուն համար:
Մեր ուշադրութեան կեդրոնին պիտի պահենք բնականաբար տեղական համայնքները, որոնց հետ պիտի աշխատինք կազմակերպութեան տարբեր կոմիտէներու միջոցով: Օրինակ՝ կրթութեան փորձի փոխանակման վերաբերեալ մենք արդէն աշխատանքներ կատարած ենք, ՄԱԿ-ի Հայաստանի գրասենեակին հետ ունինք փոխ ըմբռնում եւ յառաջիկային անոր մասին կը յայտարարենք, կը հրաւիրենք բոլոր հանքարդիւնաբերական ընկերութիւնները։
Այդ բոլորի հիմնական նպատակը այն է, որ մենք հանքարդիւնաբերական եւ անոր ուղեկցող բոլոր ոլորտներուն մէջ, կարողանանք բարձրացնել կրթական մակարդակը որովհետեւ ներկայիս մեզ մօտ հանքարդիւնաբերական կազմակերպութիւնները անձնակազմի մեծ պակաս ունին։ Եթէ նայինք ճարտարագիտական համալսարանի վիճակագրութիւնը՝ Երկրաբանութեան հիմնարկին (Ֆակուլտետ) մէջ քիչ թիւով ուսանողներ կան եւ այդ առումով կարեւոր ընելիքներ կան։
Ի դէպ ըսեմ, որ կառավարութեան մասով, բաւական լաւ համագործակցութիւն ունինք, ակնյայտօրէն կայ քաղաքական կամք եւ կայ կարողականութիւն զարգացնելու եւ բարելաւելու այս ոլորտը: Մեր հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ ընել այնպէս, որ հանքարդիւնաբերական միջոցներու հիմնական շահառուն դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը: Մեր սահմանադրութեան մէջ այնպէս ամրագրուած է, որ մեր ընդերքը եւ բնական աղբիւրները պետութեան բացառիկ սեփականութիւնն են»: