image

Կարմիր շուկայի հատուածին մէջ միջդիրքային հրաձգութիւն

Կարմիր շուկայի հատուածին մէջ միջդիրքային հրաձգութիւն

Արցախի Հանրապետութեան  Մարտունիի շրջանի Կարմիր շուկայի հատուածին մէջ մօտ մէկ ժամ առաջ միջդիրքային հրաձգութիւն տեղի ունեցած է։

Փոխհրաձգութիւնը սկսած է ատրպէյճանական կողմը, ինչին հայկական կողմը պատասխան տուած է։ Կրակոցները արձակուած են տարբեր հրաձգային զինատեսակներով։

Թաղավարդի գիւղապետ Օլեկ Յարութիւնեան յայտնեց, որ Կարմիր շուկայի եւ Թաղավարդի ուղղութեամբ կրակոցներ չեն արձակուած։

Նշենք, որ այս պահուն փոխհրաձգութիւնը աւարտած է։