Մայր Աթոռի Տեղեկատուական Համակարգը կը հաղորդէ, թէ Տաւուշի թեմի հոգեւոր սպասաւոր Տէր Տարօն քահանա Հունանեան կարգալոյծ հռչակուած է։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած են նաեւ Տէր Տարօն քահանա Հունանեանը կարգալոյծ հռչակելու պատճառները։
«Տնօրինութեան հիմք եղած է Տաւուշի թեմի առաջնորդական տեղապահի զեկուցագիրը եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Պարգեւներու շնորհման եւ կարգապահական հարցերու հանձնախումբի եզրակացութիւնը»։
ա/ Ինքնական ձեւով լքած է իր ծառայութեան վայրը՝ 2024 թուականի Մայիս ամիսէն սկսեալ։
բ/ Անտեսած է Տաւուշի թեմի առաջնորդական տեղապահի յորդորներն ու հրահանգները եւ շարունակած է կարգազանց ընթացքը։
գ/ Մասնակցած է կարգազուրկ հռչակուած Ստեփան Ասատրեանի կազմակերպած հակականոնական արարողութեան՝ այսպիսով մեղսակից դառնալով կարգալուծուածին։
դ/ Հրապարակային ելոյթներով եւ յայտարարութիւններով վարկաբեկած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին եւ իր ծառայակից եկեղեցականները։
ե/ Անհարգալից վարք դրսեւորած է եկեղեցական բարձրագոյն իշխանութեան նկատմամբ եւ դրժած է հնազանդութեան ուխտը»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Յայտարարութեան մէջ աւելցուած է նաեւ, որ կարգալոյծ եկեղեցականը այսուհետ կը դասուի աշխարհականներու շարքին՝ Վարդան Հունանեան անուամբ։
Տէր Տարօն քահանա Հունանեան Նոյեմբեր 4-ին հրաւիրուած էր Մայր Աթոռ՝ մասնակցելու կարգապահական հանձնախումբի նիստին, ուր պիտի քննարկուէր իր գործը։ Տէր Տարօն քահանան հասած էր Մայր Աթոռ, սակայն լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած էր, որ հրաժարած է մասնակցիլ իր հարցի քննարկումին։ Ան իր այդ քայլը արդարացուցած էր կարգապահական յանձնախումբի կազմով, որուն համաձայն՝ նախ պէտք է քննուին այդ կազմի կարգապահական հարցերը, նոր միայն անդրադառնան իր անձին։