image

Փաշինեանը իրաւական խնդիրներ կը տեսնէ եկեղեցականներ կարգալոյծ հռչակելու որոշումներու մէջ

Փաշինեանը իրաւական խնդիրներ կը տեսնէ եկեղեցականներ կարգալոյծ հռչակելու որոշումներու մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իրաւական խնդիրներ կը տեսնէ եկեղեցականներ կարգալոյծ հռչակելու որոշումներուն մէջ:

Այս մասին վարչապետը յայտարարած է Կառավարութեան նիստէն ետք տեղի ունեցած ճեպազրոյցին՝ արձագանգելով դիտարկման, թէ որեւէ մէկը կրնայ վիճարկել նաեւ Կառավարութեան օրինականութիւնն ու որեւէ նախարարի աշխատանքէ ազատումը:

«Մենք ժողովրդից ստացել ենք այդ իշխանութիւնը բանեցնելու լեգիտիմ մանդատ, եւ մենք Կտրիճ Ներսիսեանի նման ինքնակոչ չենք: Եւ այո, մենք չենք ճանաչում Կտրիճ Ներսիսեանի կայացրած որեւէ որոշում: Այդտեղ մենք արդէն իրաւական արձանագրումներ ունենք, եւ բոլորը պարտաւոր են պետութեան մէջ հաշուի նստել իրաւական արձանագրումների հետ, անկախ նրանից՝ որտեղ են աշխատում»,- նշած է Փաշինեանը: