image

Կառավարութիւնը վաւերացուց սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգը

Կառավարութիւնը վաւերացուց սահմանազատման  յանձնաժողովներու կանոնակարգը

Հայաստանի կառավարութիւնը վաւերացուց Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման յանձնաժողովներու համատեղ աշխատանքի մասին կանոնակարգը։

Ըստ փաստաթուղթին` Երեւանն ու Պաքուն համաձայնած են սահմանազատումն իրականացնել 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագրին վրայ, բայց այդ համաձայնութիւնը վերջնական չէ։

Կանոնակարգին մէջ նշուած է` գործընթացը հնարաւոր է հետագային` խաղաղութեան համաձայնագիրի ընդունումէն յետոյ, այլ սկզբունքներով ընթանայ։

«Եթէ հետագայում Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման մասին համաձայնագրով նախատեսուեն այլ կարգաւորումներ, ապա տուեալ հիմնարար սկզբունքը կը համապատասխանեցուի վերը նշուած համաձայնագրով սահմանուած սկզբունքներին»,– նշուած է Հայաստանի կառավարութեան 5 սեպտեմբերի հրապարակած փաստաթուղթին մէջ։

Կանոնակարգը 7 յօդուած ունի, հիմնականին գործընթացին վերաբերող տեխնիկական տուեալներ են, ընդհանրական ձեւակերպումներ։ 4-րդ յօդուածին մէջ, օրինակ, նշուած է սահմանագծի բարելաւման հնարաւորութեան մասին։