image

Կառավարութիւնը մեծագումար յատկացում մը կատարեց Պաշտպանութեան Նախարարութեան

Կառավարութիւնը մեծագումար յատկացում մը կատարեց Պաշտպանութեան Նախարարութեան

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը չնախատեսուած առաջնահերթ ծախսերու համար շուրջ 1 միլիառ 805 միլիոն դրամ (մօտ 4,4 մլն տոլար) պիտի ստանայ։ Համապատասխան որոշումն ընդունուած է կառավարութեան այսօրուան նիստին։

Ինչպէս նշուած է նախարարութեան պարզաբանման մէջ, յատկացումն անհրաժեշտ է ընթացիկ գործունէութեան ապահովման եւ ոչ ֆինանսական նիւթական միջոցներու (ակտիւներ) ձեռքբերման գծով 2021 թուականի պետական պիւտճէով չնախատեսուած ու առաջնահերթ համարուող ծախսերու ֆինանսաւորման համար:

ՀՀ կառավարութիւնը 39 մլն դրամ յատկացուցած է ողիմպիականի փոխախոյեան դարձած ճատրակ խաղցողներու համար:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի 2022 թուականի պաշտպանական պիւտճէն աճած է 11%-ով եւ սահմանուած մօտ 345 միլիառ դրամ (ներկայիս փոխարժէքով՝ մօտ 850 մլն տոլար)։