image
Հրատապ լուրեր:

«Կանաչ գեղեցիկ լեռները եղած են կաս կարմիր եւ ... Տանթէի դժոխքին կը նմանին»

  «Կանաչ գեղեցիկ լեռները եղած են կաս կարմիր եւ ... Տանթէի դժոխքին կը նմանին»

Յունաստանի մէջ  հրդեհներուն հետեւանքով ստեղծուած տագնապալի  վիճակին  վերաբերեալ «Արեւելք»ին  հարցերուն պատասխանեց  Աթէնքի «Ազատ օր»ի խմբագիր՝ Քերոբ Էքիզեան։

 «Աթէնքի հրդեհներու մասին խօսելէ առաջ, պէտք է ըսել, որ ամբողջ Յունաստանը կը տառապի արտակարգ տօթէ, որոշ տեղեր ջերմաստիճանը կը հասնի մինչեւ 44-45 աստիճանի: Այս պայմաններուն տակ յայտնի էր, որ պիտի ունենայինք բաւական հրդեհներ: Հրդեհներ ծագած են Յունաստանի ամբողջ տարածքով, սակայն այս պահուն, ի մասնաւորի Աթէնքի, արեւմտեան Յունաստանի՝ Ողիմպիական մրցումներու հնամեայ շրջանին, ինչպէս նաեւ Էվիա մեծ կղզիին մէջ, որ Աթէնքի մօտ կը գտնուի: Հսկայ հրդեհները մեծ տարածքներ կ'այրեն, ուր դժուար է հրշէջ սպասարկութեան, նաեւ պետական ինքնաշարժներուն հասնիլ, հետեւաբար չեն կրնար անոնց առաջքը առնել, հակառակ այն իրողութեան, որ մեծ թիւով օդանաւեր, հրշէջ ուղղաթիռներ, ռուսական հսկայ հրշէջ օդանաւ մը, կը փորձեն մարել, բայց եւ այնպէս կացութիւնը վատ է: Վիճակը օրստօրէ կը վատթարանայ, հրդեհները աւելի կը տարածուին եւ արդէն անցած են կեդրոնական մայր ճամբու միւս կողմը եւ սկսած են այրել տուներ, գործատուներ եւ աշխատատեղիներ: Կանաչ գեղեցիկ լեռները եղած են կաս կարմիր Տանթէի դժոխքի կը նմանին»:  

Իսկ ինչ կը վերաբերի Աթէնքին, Էքիզեան ըսաւ թէ ըստ վարկածին, քանի մը օր առաջ, հիւսիսային արուարձանները բռնկած հրդեհը ելեկտրական հոսանքի կայանի մը պայթելուն հետեւանքը եղած է, եւ որովհետեւ այնտեղ լայն տարածքով անտառներ կան հրդեհը ծաւալած է, եւ այրած մօտաւորապէս 12,5 հազար քառակուսի քիլոմեթր, որ շատ մեծ շրջան է, նաեւ մօտաւորապէս 80 տուներ հրկիզուած են: «Նոյն օճախէն այս անգամ տաքին պատճառով հրդեհը կրկին կը սկսի եւ կ'ուղղուի հակառակ ուղղութեամբ: Շատ լայն տարածքներ, որոնք կանաչ գորգ մըն են եւ սքանչելի տեսարան, դժբախտաբար կ'այրին: Տեղը դժուար հասանելի է հրշէջ մեքենաներուն համար, անոր համար կ'ապաւինին օդային միջոցներուն, որիշ ձեւ չկայ , որ այդ խիտ անտառներուն մէջէն անցնին: Հեռաձայնային հաղորդագրութիւններ (sms) կը ստանանք, որ կը թելադրեն, որ որոշ բնակելի շրջաններ պէտք է դատարկուին, եւ ժողովուրդը փոխադրուի այլ կողմ, առաջքը առնելու որեւէ անանխադէպ կացութեան»,- ըսաւ Էքիզեան ու բացատրեց թէ այն շրջանը որ կ'այրի, հոն կը գտնուի նախկին թագաւորական պալատը, արտերն ու հողատարածքները, որոնք այնքան գեղեցիկ են, եւ յատուկ պատմական արժէք ունին, եւ վտանգի տակ են, որոհետեւ կրակը սահմանները անցած է, եւ եթէ այրի այդ բոլոր շրջանը մեծ վնաս պիտի հասնի Աթէնքին:

«Երկու երեք օրէ արդէն, ամբողջ Աթէնքը ծուխով պատուած է, երկինքը ամբողջովին վտանգաւոր ծուխ է, արտօնուած սահմանէն 10 անգամ աւելի, եւ յաճախ հաղորդագրութիւններ կը ստանանք, որ ուշադիր ըլլանք մանաւանդ շնչառութեան իմասով»,- շարունակեց Էքիզեան: «Տաքը կը շարունակուի, վիճակը անտանելի է, եւ կլիմայական պայմանները աւելի կը վատթարացնեն կացութիւնը»:

Էքիզեան անդրադառնալով հայկական շրջաններուն մասնաւորապէս ըսաւ, թէ այդ շրջանները ուր հրդեհը բռնկած է, հայահոծ շրջաններ չեն, անշուշտ չի բացառուիր, որ այնտեղ ալ հայեր բնակին: «Ամէն պարագային պետական ինքնաշարժները կը ստանձնեն ամբողջ աշխատանքը եւ հայ համայնքը ոչինչ կրնայ ընել, միջոցներն ալ չունի, նոյնիսկ եթէ հրդեհները պատահին մեր շրջաններուն մէջ, պարզապէս պիտի հետեւինք պետական մարմիններու ցուցմունքներուն»: 

Էքիզեան վստահեցուց թէ հայկական շրջաններուն վտանգ չի սպառնար: «Այնուամենայնիւ վտանգ չկայ  հայկական շրջաններուն մէջ, եւ ընդհանուր առմամբ հայութեան: Մինչեւ հիմա հայ տուժող չկայ: Եթէ հակառակ պարագային վնաս կրողներ ըլլային, բնականաբար հայկական կառոյցները պիտի փորձէին օգտակար դառնալ ու կարգն ու պատշաճը պիտի ընէին ամոքելու համար վատ կացութիւնը»: 

 Խօսելով աննկարագրելի աղէտալի հրդեհին ընթացքին մասին Էքիզեան ըսաւ թէ «բարեբախտաբար մարդկային զոհեր չկան, որովհետեւ պետական սպասարկութիւնները նախապէս կը տեղեկացնեն այն շրջանները, որոնց կը մօտենայ հրդեհը, որ անմիջապէս պարպեն եւ լքեն իրենց տուները»: Ըստ Էքիզեանին նիւթական վնասները հսկայական են, տուներ փճացած են: «Դժբախատաբար սակայն, նկատի առնելով, որ հրդեհի շրջանը անտառային է ու ծառախիտ, մեծ թիւով անասուններ տուժեցին, ինչ որ իր ազդեցութիւնը կրնայ ուննալ բնութեան վրայ: Բայց փառք տանք Աստուծոյ որ մարդկային զոհ չկայ»:

Էքիզեանի խօսքով, այն փաստը, որ ոչ միայն Աթէնքի մէջ այլ ուրիշ 135 հրդեհներ եղած են, որոնք կապ չունին Աթէնքի բուն հրդեհին հետ, զարմանք կ'առաջացնէ, թէ ինչպէս կը բռնկին այս հրդեհները, կարծես մարդիկ դիտումնաւոր կ'ընեն: 

Ան մաղթեց, որ շուտով անցնի այս արտակարգ տօթը, բայց զգուշացուց թէ տօթին պիտի յաջորդեն ուժգին քամիներ, որոնք կրնան աւելի բարդացնել վիճակը, որովհետեւ այս պահուն, առանց քամիի այսպէս կը յառաջանայ հրդեհը, իսկ երբ ուժգին քամիներ սկսի՞ն, «չեմ ուզեր պատկերացնել թէ վիճակը ինչպէս աւելի աղէտալի կրնայ դառնալ, կը յուսանք որ հոս կանգ առնէ ամէն ինչ»:

Էքիզեան ըսաւ թէ Եւրոպայէն լուրջ օգնութիւն պիտի հասնի թէ՛ մադկային ուժի եւ թէ՛ ինքնաշարժներու եւ հրշէջ ինքնաթիռներու առումով: «Եւրոպան կը փորձէ օգնել Յունաստանին, որպէսզի առաջքը առնուի հրդեհներուն, որոնք կը փճացնեն հսկայական տարածութիւն»:   

Էքիզեան անդրադարձաւ այն իրողութեան թէ ամբողջ Միջերկրականի շրջանը բացառիկ հրդեհներու իրավիճակի տակ է, եւ բոլոր շրջակայ երկիրները կը տառապին հրդեհներէ: «Կը յուսանք, որ ասոնք վերջինը ըլլան»,-եզրափակեց  մեր խօսակիցը: