Կ'ուզեմ՝ Հայաստանը վաւերացնէ Իսթանպուլեան համաձայնագիրը․ ՀՀ–ի մէջ Եւրոմիութեան դեսպան

Կ'ուզեմ՝ Հայաստանը վաւերացնէ Իսթանպուլեան համաձայնագիրը․ ՀՀ–ի մէջ Եւրոմիութեան դեսպան

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորին կ'ուզէ, որ Իսթանպուլեան համաձայնագիրը վաւերացուի։ Այս մասին ան նշած է Ժողովրդավարութեան հայկական ֆորումի ժամանակ։

«Կ'ուզեմ, որ Իսթանպուլեան համաձայնագիրը վաւերացուի։ Ես գիտեմ՝ կան մարդիկ, որոնց հաճելի չէ լսել այն նախադասութիւնը, որ ես արտաբերեցի, սակայն ես կը կրկնեմ՝ այն միտուած է կանանց պաշտպանութեան։ Կ'ակնկալեմ, որ քաղհասարակութեան ներկայացուցիչները պիտի կարողանան մեզի աջակցիլ»,- նշած է ան՝ անդրադառնալով սեռական հաւասարութեան։

Դեսպանի խօսքով՝ կան հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնք շատ լաւ կ'աշխատին։ Վիքթորինը շեշտած է, որ կանանց դէմ բռնութեան համախմբումը ու այլ կազմակեպութիւններ կ'աջակցին այն իրաւունքերուն, որոնք կը տրուին հաշմանդամութիւն ունեցող կանանց։

«Մեծ աշխատանք կը կատարուի, սակայն այդ աշխատանքը կրնայ շատ աւելին ըլլալ»,- աւելցուցած է Եւրոպական Միութեան դեսպանը։

Նշենք, որ Անտրէա Վիքթորինը 2022 թուականի նոյեմբերին նոյնպէս ըսած էր, որ ժամանակն է, որ Հայաստանը վաւերացնէ Իսթանպուլեան համաձայնագիրը։ Անկէ ետք ընկերային ցանցերու վրայ այս թեմայի շուրջ աշխուժ քննարկումներ սկսած էին։

Այդ ժամանակ կը խօսուէր նաեւ, որ Իսթանպուլեան համաձայնագիրը վաւերացնելէ ետք պէտք է Սահմանադրութեան մէջ ալ փոփոխութիւններ ընել եւ օրինականացնել միասեռականներու ամուսնութիւնները։

Յիշեցնենք` 18 յունուար 2018-ին ՀՀ–ն ստորագրած է Իսթանպուլեան համաձայնագիրը, բայց չէ վաւերացուցած։ Իսթանպուլեան համաձայնագիր պայմանական անունը ստացած «Կանանց նկատմամբ բռնութեան ու ընտանեկան բռնութեան կանխարգելման» համաձայնագիրը պարբերաբար թէժ քննարկումներ ու բանավէճեր կ'առաջացնէ Հայաստանի մէջ։

Իսթանպուլեան համաձայնագրի վերաբերեալ վերապահումներ յայտնած է նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցին։ Հոգեւոր առաջնորդները կոչ ըրած էին չընդունելու զայն։

Այս պահի դրութեամբ Իսթանպուլեան համաձայնագիրը վաւերացուցած են Եւրոպական Խորհուրդի 47 անդամ երկիրներէն 38-ը։