image

Կ'ակնկալեմ կառուցողական երկխօսութեան շարունակականութիւն. Փաշինեան շնորհաւորած է Փութինը

Կ'ակնկալեմ կառուցողական երկխօսութեան շարունակականութիւն. Փաշինեան շնորհաւորած է Փութինը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ ծննդեան 70-ամեակի առթիւ: Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ վարչապետի մամուլի ծառայութիւնը։

Վարչապետն իր խօսքին մէջ նշած է, որ Փութինի` պետական եւ քաղաքական գործիչի հարուստ փորձն ուղղուած է ռուսաստանեան պետականութեան ամրապնդման, երկրի տնտեսական զարգացման եւ Ռուսիոյ ժողովուրդի բարեկեցութեան բարելաւման:

«Հայաստանում բարձր են գնահատում Ձեր վերաբերմունքը Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի շահերին վերաբերող հարցերին, եւ այս համատեքստում անվիճելի են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտում հրադադարի հասնելուն ուղղուած Ձեր ջանքերը»,–նշած է Փաշինեան։

Ան ընգծած է, որ կ'ակնկալէ կառուցողական երկխօսութեան շարունակականութիւն եւ համատեղ աշխուժ աշխատանք երկու երկիրներու միջեւ դաշնակցային գործընկերութեան եւ ռազմավարական պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղութեամբ՝ ի շահ երկու ժողովուրդներու եւ պետութիւններու:

«Վստահ եմ, որ համատեղ ջանքերով հնարաւոր է հասնել Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանում երկարաժամկէտ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան, հաստատել վստահութեան մթնոլորտ»,–նշած է ան։