Ատրպէյճանը Հայաստանի նկատմամբ անարդար քայլեր չէ կատարած. տեղական հեռուստաալիքներուն տուած հարցազրոյցին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։
«Մեզ կը մեղադրեն Հայաստանի վրայ յարձակելու մտադրութեան համար. ես այս մասին արդէն խօսած եմ, բայց եւս մէկ անգամ կ՚ուզեմ անկեղծօրէն ըսել, որ եթէ ուզէինք, կը մտնէինք ու կ՚երթայինք մինչեւ վերջ։ Մեր դիմաց Ջերմուկ քաղաքն էր՝ մեր նախկին քաղաքը, որու իսկական անունը Իսթիսու է։ Ո՞վ կը կասեցնէր մեզ։ Մենք նման մտադրութիւն չունէինք։ Մեր նպատակը մեր սահմանները պաշտպանելն էր։ Այնպիսի բարձունքներ պէտք է ունենայինք մեր ձեռքը, որ մեր աչքերով տեսնէինք, թէ ինչ կը ծրագրեն հայերը», -ըսած է Ալիեւ: