Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Տրակին յայտարարած է հրաժարականի մասին։
Ինչպէս հինգշաբթի յայտնած է անոր մամուլի ծառայութիւնը, Տրակին նախարարներու խորհուրդի նիստին ըսած է, որ համապատասխան յայտարարութիւնը պիտի փոխանցէ պետութեան ղեկավարին՝ նախագահ Սերժիօ Մաթարելային։
«Կ'ուզեմ յայտարարել, որ այսօր երեկոյեան ես հանրապետութեան նախագահին պիտի յանձնեմ իմ հրաժարականի դիմումը», -ըսած է Տրակին։