image

Իսրայէլը հարուածած է Ռաֆահը՝ Գահիրէի մէջ բանակցութիւններու ձախողումէն ետք

Իսրայէլը հարուածած է Ռաֆահը՝ Գահիրէի մէջ բանակցութիւններու ձախողումէն ետք

Իսրայէլն ուրբաթ առաւօտեան նոր հրետանային հարուածներ հասցուցած է Կազայի հատուածի հարաւը գտնուող Ռաֆահ քաղաքին այն բանէ ետք, երբ բանակցողները լքած են Կազայի մէջ հրադադարի հաստատման շուրջ Գահիրէի բանակցութիւնները՝ առանց համաձայնութեան հասնելու, յայտնած է AFP-ն:

«AFP-ի լրագրողները Կազայի հատուածին մէջ ուրբաթ վաղ ականատես եղած են Եգիպտոսի հետ հարաւային սահմանին գտնուող Ռաֆահի վրայ հրետանային հարուածներու: Մինչդեռ ականատեսները յայտնած են, որ օդային հարուածներ եւ մարտեր եղած են աւելի հիւսիս գտնուող Կազա քաղաքին մէջ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մյջ:

Հինգշաբթի Politico թերթը, յղում ընելով աղբիւրներուն, հաղորդած է, որ Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի միջեւ բանակցութիւնները դադրեցուած են, այդ շարքին՝ Կազայի հատուածի հարաւը գտնուող Ռաֆահի մէջ ռազմական գործողութիւններու պատճառով: