image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլն առաջին անգամ ըլլալով կին զինծառայողներ տեղակայած է Լիբանանի տարածքին

Իսրայէլն առաջին անգամ ըլլալով կին զինծառայողներ տեղակայած է Լիբանանի տարածքին

Իսրայէլը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կին զինծառայողներ տեղակայած է Լիբանանի տարածքին մէջ. այդ տեղի ունեցած է դաշտային առաքելութեան շրջածիրէն ներս, յայտնած է jpost.com-ը։

Հիւսիսային հրամանատարութեան պետ, զօրավար-մայոր Օրի Կորտինը քանի մը շաբաթ առաջ հաւանութիւն տուած է մարտական հետախուզական գումարտակի խումբի տեղակայման հարաւային Լիբանանի մէջ:

Իսրայէլի եւ լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման միջեւ բախումներու սկիզբէն ի վեր մարտական հետախուզութեան խումբը, որ բաղկացած է կին զինուորներէ, տեղակայուած էր Սուրիոյ սահմանի մօտ եւ Տով լեռան շրջանին մէջ։

Անոնց առաջադրանքները կը ներառեն հետախուզական տուեալներու հաւաքում, ահաբեկչական գործարկուներու նոյնականացում, թիրախներու ցուցակներու ստեղծում եւ ցամաքային եւ օդային ուժերու կողմէ կրակ դէպի սպառնալիքներու չէզոքացման եւ ահաբեկչական ենթակառուցուածքներու ոչնչացմանն ուղղելը:

Կին զինծառայողներըն արժէքաւոր հետախուզական տեղեկութիւններ հաւաքած են հակաթանկային հրթիռներու տեղամասերու, «Հըզպալլա»-ի կողմէ օգտագործուող շէնքերու եւ ճշգրիտ թիրախային վայրերու վերաբերեալ: