image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլի վերջին «Հնարք»ը. Նախնադարեայ գործիքներով հրկիզել Լիբանանի անտառները

 Իսրայէլի  վերջին «Հնարք»ը. Նախնադարեայ գործիքներով հրկիզել Լիբանանի անտառները

 Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ  իսրայէլեան բանակը  «հնարամատութեան» մը դիմելով գործի դրած է հին ժամանակներուն օգտագործուող սարք մը (Սարքը կը կոչուի՝ Catapult), որուն շնորհիւ քարեր արձակելու փոխարէն   «կրակէ գնդակներ» կը նետէ լիբանանեան տարածքներուն ուղղութեամբ։

 

 Լուրը համադրեց՝  «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր «Ալ Նահար»

Վերջին օրերուն Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային լարուածութեան ֆոնին նկատելի սկսած է դառնալ, որ իսրայէլեան բանակը կը դիմէ ամենատարբեր հնարքներու «սահմանափակել»ու համար «Հըզպալլա»ի շարժումները։

Այս առումով ալ ուշագրաւ նիւթ մը հրապարակած է միջազգային հեղինակութիւն վայելող՝ Wall Street Journal-ը։ 

 Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ  իսրայէլեան բանակը  «հնարամատութեան» մը դիմելով գործի դրած է հին ժամանակներուն օգտագործուող սարք մը (Սարքը կը կոչուի՝ Catapult), որուն շնորհիւ քարեր արձակելու փոխարէն   «կրակէ գնդակներ» կը նետէ լիբանանեան տարածքներուն ուղղութեամբ։

Ըստ երեւոյթին   իսրայէլեան բանակի այս քայլը շատ  սուղ կը նստի  լիբանանցիներուն վրայ, որոնց  հողամշակութեան եւ ապրուստի հիմնական աղբիւրները կը մոխրանան։

 Թերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան կողմը առաջին անգամը չէ , որ նման ոչ աւանդական միջոցներու կը դիմէ ու նպատակ ունենալով շփոթ   յառաջացնել հակառակորդ կողմին մօտ։

 Կը հաղորդուի նաեւ, որ իսրայէլեան բանակին կողմէ գործի դրուած այս միջոցներուն հիմնական նպատակը միայն շփոթ առաջացնելը չէ, այլ նաեւ սահմանափակել «Հըզպալլա»ի շարժումներն ու ունակութիւնները։