image

Իսրայէլի նախագահը Էմիրութիւններու մէջ՝ պատմութեան մէջ առաջին այցով

Իսրայէլի նախագահը Էմիրութիւններու մէջ՝ պատմութեան մէջ առաջին այցով

Իսրայէլի նախագահ Իցհակ Հերցոկը առաջին պաշտօնական այցով մեկնած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (ԱՄԷ):

Սա պատմութեան մէջ առաջին անգամ է, այցը ԱՄԷ-ի փաստացի կառավարիչ եւ Ապու Տապիի թագաժառանգ Մոհամմատ պըն Զայէտ Ալ Նահեանի հրաւէրով է:

Ինչպէս նշած է Հերցոկ իր մեկնումէն առաջ, իր երկօրեայ այցը հնարաւոր դարձած է այն պատճառով, որ 2020 թուականի Սեպտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ իսրայէլեան կողմը ԱՄՆ-ի գործուն միջնորդութեամբ փաստաթուղթեր ստորագրած է յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ ԱՄԷ-ի եւ Պահրէյնի հետ: