Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յարձակած է Կազայի հատուածին մէջ «Ալ-Շիֆա» հիւանդանոցի մօտ գտնուող լրագրողներու վրանի վրայ։
Յարձակման հետեւանքով սպանուած են Al Jazeera հեռուստաալիքի երկու թղթակից եւ երկու նկարահանող։
Իսրայէլի բանակը յայտարարած է, որ հարուածած է Al Jazeera-ի լրագրող ներկայացող ահաբեկիչը, որ, ըստ իսրայէլեան կողմի, ենթադրաբար պատասխանատու է հրթիռային յարձակումներու կազմակերպման համար։