image

Իսրայէլ պիտի յարձակի՞ Իրանի վրայ. Մայք Փոմփէոյէն ուշագրաւ դիտարկում

Իսրայէլ  պիտի յարձակի՞ Իրանի  վրայ.  Մայք Փոմփէոյէն ուշագրաւ դիտարկում

Իրանի դէմ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւնը Ամերիկան գոհացնելու եւ Իսլամական Հանրապետութիւնը յուսադրելու վտանգներ կ'ընդգրկէ, յայտնած է ԱՄՆ նախկին պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօն: Ռազմական գործողութիւնները «ոչ ոքի շահերէն կը բխին», ըսած է ան:

Փոմփէօն պաշտպանած է Թրամփի վարչակազմին որոշումը՝ դուրս գալու Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագիրէն (ԳՀՀԾ)՝ յայտարարելով, որ անոր քաղաքականութիւնը «աշխարհը աւելի ապահով դարձուցած է իրանեան կարգէն»:

«Քասէմ Սուլէյմանիի վրայ յարձակումը ցոյց տուաւ ամբողջ աշխարհին մէջ ամերիկեան շահերը պաշտպանելու մեր պատրաստակամութիւնը: Մեր կատարած աշխատանքը կը կանխէր Իրանի կողմէ միջուկային զէնքի ձեռքբերումը»:

Անոր խօսքով՝ եթէ Թրամփի վարչակազմը եւս մէկ-երկու տարի մնար իշխանութեան ղեկին, անոր եւ Իսրայէլի միջեւ համագործակցութիւնը կրնար կանխել Իրանի միջուկային յառաջընթացը:

Փոմփէօն քննադատած է Պայտընի վարչակազմը՝ «կեղծ սկզբունքին հետեւելու եւ անոր վերադառնալու համար», որուն համաձայն՝ Իսրայէլը կը համարուի անօրինական գրաւող եւ այդ ժամանակակից հակասեմիթիզմի դրսեւորում համարած է:

«Գրաւումը իրաւաբանական եզր է, որու սահմանումը օրէնքով չի տարածուիր Իսրայէլ պետութեան վրայ», ըսած է Փոմփէօ՝ յաւելելով, որ Իսրայէլի աջակցութիւնը ԱՄՆ-ին ամերիկեան հայրենասիրութեան արտայայտում է:

Փոմփէօ ըսած է, որ Երուսաղէմի մէջ պաղեստինցիներու համար ԱՄՆ հիւպատոսութեան բացումը «սարսափելի գաղափար է ԱՄՆ-ին, Իսրայէլին եւ պաղեստինցիներուն համար»: