image

Իսրայէլ կը պահանջէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար՝ Կութերէշի հրաժարականը

Իսրայէլ կը պահանջէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար՝ Կութերէշի հրաժարականը

Իսրայէլը, ի դէմս Քնեսեթի պատգամաւոր եւ ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի նախկին դեսպան Տանի Տանոնի, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշին կոչ ըրած է հրաժարական տալու ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ ըրած յայտարարութեամբ ՀԱՄԱՍ-ի գործողութիւններն արդարացնելու համար։

Կութերէշը, մեկնաբանելով Իսրայէլի իրադարձութիւնները, յայտարարած էր, որ «Հոկտեմբեր 7-ին Իսրայէլի վրայ ՀԱՄԱՍ-ի յարձակման խթան հանդիսացած է հրէական պետութեան շարունակական վերահսկողութիւնը պաղեստինեան տարածքներու նկատմամբ»։

«ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի խայտառակ ելոյթն ապացուցեց, որ ան ամբողջովին կտրուած է իրականութենէն, եւ խեղաթիւրուած կը տեսնէ մեր երեխաները սպանողներու՝ ՀԱՄԱՍ-ի ձեռնարկած կոտորածը։ Անոր յայտարարութիւնը ահաբեկչութեան եւ սպանութեան արդարացում է։ Ցաւալի է, որ Հոլոքոսթէն ետք ստեղծուած կազմակերպութեան ղեկավարը նման հայեացքներ ունի»,-ըսած է ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպան Կիլատ Էրտանը։

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոենն ալ գրած է, որ մտադիր չէ հանդիպիլ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի հետ։ Ան աւելցուցած է, որ հոկտեմբեր 7-էն ետք այլեւս «հաւասարակշռուած» մօտեցումներ չեն կրնար ըլլալ, եւ ՀԱՄԱՍ-ին միայն մէկ բան կը սպասէ՝ «ջնջուիլ երկրագունդի երեսէն»։