Իսրայէլը Եգիպտոսի եւ Յորդանանի մէջ գտնուող իր քաղաքացիներուն կոչ ըրած է հնարաւորինս արագ լքելու այս պետութիւնները եւ խուսափելու այդ ուղղութիւններով ճանապարհորդութիւններէն, իսկ Մարոք մեկնիլ ցանկացողներուն խորհուդ տուած է խուսափիլ ուղեւորութենէն, եթէ չկայ խիստ անհրաժեշտութիւն։
Այս մասին հաղորդած է ՌԻԱ նովոսթին՝ յղում ընելով Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի գրասենեակի տարածած հաղորդագրութեան։
«Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը կը բարձրացնէ սպառնալքի մակարդակը մինչեւ 4-ի Եգիպտոսի (այդ շարքին՝ Սինայի թերակղզիի) եւ Յորդանանի համար եւ խորհուրդ կու տայ հրաժարիլ այդ երկիրներ մեկնելէ: Այս երկիրներու մէջ գտնուողները պէտք է հնարաւորինս շուտ լքեն այդ տարածքները», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ինչ կը վերաբերի Մարոքին, ապա այս պարագային սպառնալիքի մակարդակը բարձրացուած է 3-ի, որ կը նշանակէ, որ քաղաքացիներուն խորհուրդ չի տրուիր առանց լուրջ անհրաժեշտութեան մեկնիլ այդ երկիր։