 
                    Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն կիրակի օր յայտարարած է, որ Իսրայէլը՝ որպէս ինքնիշխան պետութիւն, ինք պիտի որոշէ իր անվտանգութեան քաղաքականութիւնը եւ այն, թէ որ օտարերկրեայ ուժերու հետ պիտի համագործակցի, հաղորդած է Reuters-ը։
«Մենք կը վերահսկենք մեր սեփական անվտանգութիւնը եւ յստակ հասկցուցած ենք միջազգային ուժերուն, որ Իսրայէլը ինք կ՚որոշէ, թէ որ ուժերը մեզի համար անընդունելի են, եւ այդպէս ալ կը գործենք ու պիտի շարունակենք գործել»,-ըսած է Նաթանիահուն նախարարներու գրասենեակի նիստի սկիզբը։
«Միացեալ Նահանգները, ի հարկէ, համաձայն է այդ մօտեցման, ինչպէս վերջին օրերուն յայտարարած են անոնց ամենաբարձր մակարդակի ներկայացուցիչները»։
Աւելի վաղ լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ Իսրայէլը դէմ է Թուրքիոյ ուժերու տեղակայման Կազայի հատուածին մէջ՝ հաշուի առնելով Անգարայի աջակցութիւնը պաղեստինեան «Համաս» խմբաւորման։