image

Իսրայէլ հարուածներ տուած է «Հըզպալլա»ի ռազմական դիրքերուն

Իսրայէլ հարուածներ տուած է «Հըզպալլա»ի  ռազմական դիրքերուն

Իսրայէլ օդային հարուածներ հասցուցած է «Հըզպալլա» շարժման ռազմական դիրքերուն, որոնք կը գտնուին Լիբանանի հարաւը։ Այս մասին յայտնած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը (ՑԱԽԱԼ)։

«Իսրայէլեան օդուժը երէկ հարուածներ հասցուցած է «Հըզպալլա»ի ռազմական դիրքերուն Քֆարքելայի, Մարուահինի եւ Մէյս Ալ Ժապալի բնակավայրերու շրջանին մէջ»,- ըսուած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի թելեկրամեան ալիքով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

Բացի այդ, հաղորդուած է, որ իսրայէլեան օդուժը հարուածած է նաեւ «Հըզպալլա»ի դիտակէտին Լիբանանի Այթա Ալ Շապի շրջանին մէջ։

Իսրայէլեան-լիբանանեան սահմանին իրավիճակը սրուած է 2023 թուականի հոկտեմբերին Կազայի հատուածի մէջ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններու մեկնարկէն յետոյ։ Իսրայէլեան բանակը եւ լիբանանեան «Հըզպալլա»ի մարտիկներն ամէն օր կը գնդակոծեն իրար դիրքերը։ Լիբանանի ԱԳՆ-ի տուեալներով՝ իսրայէլեան գնդակոծութիւններու պատճառով շուրջ 100 հազար մարդ ստիպուած եղած են լքելու իրենց տուները Լիբանանի հարաւը։ Իսրայէլեան կողմը յայտնած է, որ նմանատիպ իրավիճակի մէջ յայտնուած է Հիւսիսային Իսրայէլի մօտ 80 հազար բնակիչ։