Իսրայէլեան զինուորականները սկսած են հարուածներ հասցնել Լիբանանի հարաւը գտնուող «Հըզպալլա» շիական կազմակերպութեան զինուած կազմաւորումներու թիրախներուն ուղղութեամբ։ Ըստ «ԹԱՍՍ»-ին, այդ մասին յայտնած է իսրայէլեան բանակի մամուլի ծառայութիւնը։
«Իսրայէլի պաշտպանական ուժերը ներկայիս հարուածներ կը հասցնեն Լիբանանի հարաւը գտնուող «Հըզպալլա»ի թիրախներուն: Մանրամասնութիւնները կը ներկայացնենք յաջորդիւ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Աւելի վաղ իսրայէլեան բանակը 2024 թուականի նոյեմբերէն ի վեր առաջին անգամ արձանագրած էր երկրի հիւսիսային շրջաններու գնդակոծութիւնը՝ որսալով առնուազն երեք հրթիռ, որոնք արձակուած էին Լիբանանի տարածքէն։ Հրէական պետութեան պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց միջադէպին համար մեղադրած է Լիբանանի կառավարութիւնը եւ ըսած, որ ինք հրամայած է բանակին պատասխան քայլերու ձեռնարկել։