ԱՄՆ, Իսրայէլ եւ շարք մը արաբական երկիրներ կը քննարկեն ՄԱԿ-ի հովանու ներքոյ յատուկ նշանակութեան ջոկատներ ստեղծելու գաղափարը, որոնք պիտի տեղակայուին Կազայի հատուածին մէջ՝ անկլաւէն իսրայէլեան բանակի դուրս գալէն ետք`հաղորդած են իսրայէլեան լրատուամիջոցները։
Կ՚ենթադրուի, որ այդ ուժերը պիտի ձեւաւորեն արաբական երկիրները, եւ ատոնք Կազայի մէջ պիտի մնան սահմանափակ ժամանակ։
Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու՝ նման ուժեր ստեղծելու հնարաւորութիւնը անցեալ շաբաթ Պահրէյնի մէջ քննարկած են Իսրայէլի, ԱՄՆ-ի, Եգիպտոսի, Յորդանանի, ԱՄԷ-ի, Սէուտական Արաբիոյ զինուած ուժերու ներկայացուցիչները: