image

Իշխանական պատգամաւորը մեղադրական խօսք հնչեցուց նախկին նախագահ Արմէն Սարգսեանի հասցէին

Իշխանական պատգամաւորը  մեղադրական խօսք հնչեցուց նախկին  նախագահ Արմէն Սարգսեանի  հասցէին

Ես շատ կ'ուզէի, որ երկրի նախագահը երկրին մէջ ճգնաժամերու կարգաւորման հարցով էական նշանակութիւն ունենար, բայց գոնէ մէկ հատ դէպք բերէք, երբ նախագահ Արմէն Սարգսեանը որեւէ ճգնաժամային լուծում առաջարկած է: Այս մասին, 30 նոյեմբերին, Սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնաժողովի նիստին յայտարարեց ԱԺ պետական իրաւական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեանը:

«Ընդհակառակը, մշտապէս խորացրել է ճգնաժամերը, այն պարագայում, երբ բազմիցս ես անձամբ դիմել եմ իրեն, ասելով՝ դուք երկրի սուվերենն (ինքնիշխանութիւն) էք, դուք պէտք է լուծում գտնէք, ստացել ենք աւելի վատ պատասխաններ կամ աւելի վատ լուծումներ»,-ըսաւ ան:

Վլատիմիր Վարդանեանը համաձայնեցաւ, որ նախագահը պէտք է ներկայացուցչական գործառոյթներ իրականացնէ երկրի խորհրդարանական կառավարման մէջ եւ ստանձնէ երկրի անուանական ղեկավարի եւ իրաւարարի կարգավիճակը. «Այն պէտք է ունենայ բացարձակ հեղինակութիւն թէ իշխանութեան, թէ ընդդիմութեան կողմից: Բայց հարց. նախագահը ո՞ր լիազօրութիւններից է օգտուել, որից ընդհանրապէս չի օգտուել, եւ երբ ասում ենք՝ լիազօրութիւնները պէտք է աւելացնել, Սահմանադրութեամբ նախատեսուած լիազօրութիւններից որո՞նք են իրացուել: Կան լիազօրութիւններ, որոնք կարեւոր են սահմանադրական կայունութիւնն ապահովելու համար, որոնք ընդհանրապէս չեն իրացւում»: