Իրաքը Պարսից ծոցի պատերազմէն ետք առաջին անգամ երկու ռազմակայն ստեղծած է Թուրքիոյ հետ սահմանին, գործընթացն իրականացուած է Անգարայի հետ համակարգմամբ: Այս մասին յայտնած է Hürriyet թերթը՝ յղում ընելով իր աղբիւրներուն:
«Այդ կայանները չեն ստեղծուած Թուրքիոյ դէմ։ Ատոնք նախատեսուած են սեփական սահմանները պաշտպանելու համար՝ Թուրքիոյ նիւթատեխնիկական աջակցութեամբ»,- գրած է պարբերականը։
Թերթը նաեւ յայտնած է, որ Իրաքի հիւսիսը թրքական զինուած ուժերը մանրակրկիտ կը նախապատրաստուին Թուրքիոյ մէջ արգիլուած Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ ռազմական գործողութեան:
Թուրքիոյ նախագահը բազմիցս յայտարարած է, որ Անգարան կ՚ակնկալէ Իրաքի հետ «սահմանի անվտանգութեան հարցը լուծել» ամռան։ Անոր խօսքով՝ թրքական կողմը նաեւ կը ձգտի Սուրիոյ մէջ 30-40 քմ խորութեամբ անվտանգութեան միջանցք ստեղծել։