image

Իրաք կը դատապարտէ Թուրքիոյ հարուածները

Իրաք կը դատապարտէ  Թուրքիոյ  հարուածները

Այս գործողութիւնը կը խախտէ երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորող միջազգային դաշնագրերն ու օրէնքները, ինչպէս նաեւ բարիդրացիութեան սկզբունքը, որ պէտք է պատճառ հանդիսանայ երկու կողմերու անվտանգութեան ապահովման միասնական աշխատանք իրականացնելու համար:

 

Այսօր` Երեքշաբթի, Իրաքի նախագահութիւնը յայտարարած է, որ «մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի Քիւրտիստանի տարածքին իրաքեան սահմաններուն մէջ թրքական ռազմական գործողութիւններուն եւ զանոնք կը համարէ Իրաքի ինքնիշխանութեան խախտում եւ Իրաքի ազգային անվտանգութեան սպառնալիք»:

Ան իր յայտարարութեան մէջ ընդգծեց, որ «թրքական ռազմական գործողութիւններուն կրկնութիւնը առանց Իրաքի դաշնային կառավարութեան հետ համաձայնեցման, չնայած զանոնք դադրեցնելու եւ անոնց շուրջ բանակցութիւններ եւ համակարգում կատարելու նախկին կոչերուն, անընդունելի է», յաւելելով, որ «երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնուած է Իրաքի շարունակական մերժումին վրայ՝ իր հողը հակամարտութիւններու դաշտ եւ այլոց հաշիւները լուծելու, իր ինքնիշխանութիւնը ոտնահարելու եւ իր անվտանգութեան ու ներքին կայունութեան սպառնացող ասպարէզ դարձնելէ»:

Երէկ, Իրաքի կառավարութիւնը դատապարտած է թրքական ռազմական գործողութիւնը, իսկ Իրաքի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Ահմետ Ալ-Սահաֆը ըսած է, որ «Իրաքի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կտրականապէս կը մերժէ եւ խստօրէն կը դատապարտէ թրքական ուժերու կողմէ իրականացուող ռազմական գործողութիւնները՝ իրաքեան հողերը ռմբակոծելով Հիւսիսային Իրաքի շրջաններու մէջ:

Ան յաւելած է. «Այս գործողութիւնը կը խախտէ երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորող միջազգային դաշնագրերն ու օրէնքները, ինչպէս նաեւ բարիդրացիութեան սկզբունքը, որ պէտք է պատճառ հանդիսանայ երկու կողմերու անվտանգութեան ապահովման միասնական աշխատանք իրականացնելու համար»:

Նոյն ծիրին մէջ, «Ազգային իմաստութիւն» շարժման ղեկավար Ամմար Ալ-Հաքիմը շեշտած է թրքական ուժերուն կողմէ իրականացուած օդային ռմբակոծութեան եւ ցամաքային ռազմական ներխուժման մերժումը եւ յայտարարութեամբ մը ըսած է. «Մենք կոչ կ'ընենք Իրաքի կառավարութեան՝ պահելու սահմանները եւ թոյլ չտալու, որ որեւէ կողմ օգտագործէ իրաքեան հողերը որպէս հարթակ` երկիրներու դէմ յարձակումներ իրականացնելու համար», դրացիներուն կոչ ընելով՝ «յարգելու Իրաքի ինքնիշխանութիւնը եւ ռազմական գործողութիւններ չկատարելու անոր տարածքին մէջ»:

Նախօրէին Թուրքիան յայտարարած էր Հիւսիսային Իրաքի մէջ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) դէմ օդային եւ ցամաքային ռազմական գործողութիւն սկսելու մասին:

Ռազմական գործողութեան մեկնարկէն յետոյ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար ըսած է, որ «թրքական ռազմական օդանաւները ռմբակոծած են թիրախները, ճամբարները, փապուղիները, ապաստարանները եւ զինամթերքի պահեստները»` ընդգծելով, որ «գործողութիւնը կ'իրականացուի Հիւսիսային Իրաքի մէջ ահաբեկիչներու յենակէտերու վերացման եւ Թուրքիոյ սահմաններուն անվտանգութեան ապահովման ծիրին մէջ: