Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը հինգշաբթի հեռախօսազրոյց ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտուլ Լահիանի հետ։ Այս մասին յայտնած են Թուրքիոյ ԱԳՆ-էն։
Դիւանագիտութեան ղեկավարները քննարկած են փոխայցելութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները, միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային գործընթացներու շուրջ։
Իրանի ԱԳ նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտուլ Լահիան վերահաստատած է Իրանի պատրաստակամութիւնը՝ օգնելու լուծել տարածաշրջանային վէճերը եւ հաստատել խաղաղութիւն ես անվտանգութիւն տարածաշրջանին մէջ։
Մեւլութ Չաւուշօղլուն իր հերթին նշած է, որ Թուրքիան գոհ է Իրանի հետ զարգացող յարաբերութիւններէն՝ նշելով, որ Թեհրանի եւ Անգարայի միջեւ կապերու ընդլայնումը կ'օգնէ ամրապնդելու տարածաշրջանային անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը։
Ան նաեւ Իրանի հետ տարածաշրջանային համագործակցութեան խթանումը որակած է որպէս «խիստ կառուցողական» եւ ողջունած է երկու հարեւաններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու շփումները։