Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին շաբաթ օր բանակցութիւններ վարած է իր իրաքցի գործընկեր Ապտուլ Լաթիֆ Ռաշիտի հետ, կողմերը քննարկած են երկկողմանի առեւտուրի եւ ուժանիւթի հարցեր:
Համատեղ յայտարարութեան ժամանակ անոնք ընդգծած են, որ Թեհրանի եւ Պաղտատի յարաբերութիւնները կը կրեն ռազմավարական բնոյթ, մասնաւորապէս, Իրանի նախագահը մատնանշած է Միջին Արեւելքի մէջ արեւմտեան պետութիւններու զօրքերու ներկայութեան «ապակառուցողական գործօնի» մասին։