Մարտ 24-ին, տեղական ժամանակով ժամը՝ 07:16-ին (Կրինիչի ժամանակով ժամը՝ 03:16-ին) ՀՀ Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութեան Երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիական ցանցի կողմէմ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 38.48⁰ եւ արեւելեան երկարութեան 45.21⁰ աշխարհագրական չափագրումներով Իրան՝ Խոյ քաղաքէն 23 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք, օճախի 10 քիլոմեթր խորութեամբ, 5․3 ուժգնութեամբ երկրաշարժ:
Կեդրոնային գօտիին մէջ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 7 աստիճան:
Երկրաշարժը զգացուած է Սիւնիքի մարզին մէջ՝ 3-4 աստիճան, Վայոց Ձորի, Արարատի մարզերուն մէջ՝ 3 բալ եւ Կոտայքի մարզին մէջ՝ 2 աստիճան ուժգնութեամբ։
Իրանի մէջ երկրաշարժի հետեւանքով, նախնական տուեալներով, մի քանի մարդ զոհուած է եւ վիրաւորուած է առնուազն վաթսունութ մարդ։ Անոնք բուժում կը ստանան բժշկական հաստատութիւններու մէջ, յայտնած է Mehr գործակալութիւնը։