image

Իրանի համար սահմանային փոփոխութիւնը անընդունելի է. Ռաիսին զրուցած է Փաշինեանի հետ

Իրանի համար սահմանային փոփոխութիւնը անընդունելի է. Ռաիսին զրուցած է Փաշինեանի հետ

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հեռախօսազրոյցին ըսած է, որ Իրան չընդունիր որեւէ փոփոխութիւն տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքականութեան մէջ։ Այս մասին հաղորդած է IRNA գործակալութիւնը:

Իրանի եւ Հայաստանի ղեկավարները հեռախօսազրոյցի ժամանակ քննարկած են երկկողմ եւ տարածաշրջանային հարցեր։ Զրոյցը կայացած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոր մարտերէն քանի մը օր անց, գրած է իրանական գործակալութիւնը:

Իրանի նախագահն անդրադարձած է 2020 թուականին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու կողմէ ստորագրուած հրադադարի մասին եռակողմ համաձայնագրին, որ վերջ դրած է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ 44-օրեայ պատերազմին։

Ան ըսած է, որ հրադադարի համաձայնագրին հաւատարիմ ըլլալը եւ մնացած հարցերու լուծումը երկխօսութեան եւ դիւանագիտական ուղիներով լաւագոյն միջոցն է կովկասեան տարածաշրջանին մէջ անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը վերականգնելու համար:

Փաշինեանն իր կողմէ ըսած է, որ Հայաստանը պատրաստ է մեծցնելու համագործակցութիւնը Իրանի հետ ճանապարհային եւ ուժանիւթի ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ հեշտացնելու ապրանքներու տարանցումը երկու կողմերու միջեւ: