image
Հրատապ լուրեր:

Իրան յայտարարութիւններ կատարեց Պաքուի հետ լարուածութեան նուազեցման մասին

Իրան յայտարարութիւններ կատարեց Պաքուի հետ լարուածութեան նուազեցման մասին

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Նասեր Քանաանին ըսած է, որ բարի կամքի դրսեւորմամբ շարք մը գործնական քայլեր ձեռնարկուած են՝ Ատրպէյճանի հետ թիւրըմբռնումները վերացնելու համար, գրած է tasnimnews.com-ը:

Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պայմանաւորուածութենէն եւ բանակցութիւններու երեք փուլէն ետք երկու հարեւաններու մետիա մթնոլորտի մէջ առկայ լարուածութիւնը թուլացած է, ըսած է Քանաանին մամուլի ասուլիսին։

Ան նշած է նաեւ, որ գործնական քայլեր ձեռնարկուած են երկու հարեւաններու միջեւ առկայ թիւրըմբռնումները շտկելու ուղղութեամբ:

«Մենք՝ որպէս դիւանագէտներ, միշտ լաւատեսօրէն տրամադրուած ենք քաղաքական գործընթացի նկատմամբ»,-աւելցուցած է խօսնակը։