Թշնամիները կը սխալին Իրանի ժողովուրդին զգացմունքներուն, հաւատարմութեան եւ հաստատակամութեան գնահատման մէջ:
Իրանի գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամէնիյին ընդգծած է, որ իր երկիրը յաջողած է տպաւորիչ արդիւնքներու հասնիլ տարբեր ոլորտներու մէջ:
Իրանեան յեղափոխութեան ղեկավար Ռուհոլլա Խոմէյնիի մահուան տարեդարձին առիթով Խամէնիյին ըսած է. «Արեւմուտքցիները կը փորձեն Իրանի համար մարդու իրաւունքներու օրէնք հաստատել, եւ այդ խաբէութիւն է», նշելով որ «անոնք թալանած են աշխարհը երեք դար շարունակ ու ջարդեր կատարած են, եւ երիտասարդները պէտք է տեղեակ ըլլան այս մասին»:
Ան նշած է, որ «թշնամիները յոյս ունին հարուածելու Իրանի ժողովուրդը՝ բողոքի ցոյցերու, վիրթուալ հրապարակներու օգտագործման եւ հոգեբանական պատերազմի միջոցով: Թշնամիները կ'ուզեն այն տպաւորութիւնը ստեղծել, որ ժողովուրդը հեռացած է ղեկավարութենէն», յաւելելով որ այս խօսքը անիմաստ է եւ անոր կը հաւատան միայն միամիտները:
Խամէնիյին համարած է, որ «թշնամիները կը սխալին Իրանի ժողովուրդին զգացմունքներուն, հաւատարմութեան եւ հաստատակամութեան գնահատման մէջ»` ընդգծելով, որ «Իրանեան յեղափոխութիւնը կայուն ծառ դարձած է, երբ արեւմուտքցիները պարտուեցան իրենց խաղադրոյքները»:
Ան յաւելած է, որ «Իրանի ժողովուրդը այսօր դիմադրող է բառին բոլոր իմաստով, եւ դիմադրութեան վերնագիրը պարզ դարձած է աշխարհի քաղաքական մշակոյթին մէջ», ընդգծելով որ «Իրանի ժողովուրդը կը պատկանի յեղափոխութեան, եւ ով որ կ'ուզէ այդ փաստը շօշափել, պէտք է նայի նահատակ Քասէմ Սուլէյմանիի յուղարկաւորութեան ներկայ եղած միլիոնաւոր մարդոց»: Ան կոչ ըրաւ աքթիվիսթներուն՝ «թոյլ չտալու թշնամիներուն խեղաթիւրել յեղափոխութիւնը եւ ուշադրութիւն չդարձնելու ներքին յետադիմականներուն»: