image

Իրան մտահոգ է Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներկայութեամբ

Իրան մտահոգ է Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներկայութեամբ

Իրան դրական չի վերաբերիր Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներկայութեան: Ըստ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի մամուլի ծառայութեան՝  այս մասին յայտարարած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Նասեր Քանաանի։

Իրանցի դիւանագէտը նշած է, որ Իրանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները բաւական սերտ են եւ կառուցողական։

«Սակայն մենք հաւանութիւն չենք տար տարածաշրջանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներկայութեան։ Այդ կապակցութեամբ մենք մեր մտահոգութիւնը յայտնած ենք մեր հայ գործընկերներուն»,- նշած է Իրանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչը։