image

Իրան ցուցադրած է իր տեսակի մէջ առաջին իրանեան արտադրութեան գերձայնային պալիսթեան հրթիռը

Իրան ցուցադրած է իր տեսակի մէջ առաջին իրանեան արտադրութեան գերձայնային պալիսթեան հրթիռը

Իրանի իշխանութիւնները ցուցադրած են «Ֆաթթահ» գերձայնային պալիսթիք հրթիռը, որ կը համարուի իր տեսակի մէջ առաջին իրանեան արտադրութեան զէնքը։

Իրանեան լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ, զէնքի ցուցադրութեան մասնակցած է նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին, Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդի հրամանատար զօրավար Հոսէյն Սալամին, օդատիեզերական ուժերու հրամանատար զօրավար Ամիր Ալի Հաճիզատէն։

Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդի օդատիեզերական ուժերու մշակած այդ սպառազինութիւնը, ինչպէս կը հաղորդուի, կը գործէ արագ եւ ի վիճակի է խուսանաւելու ինչպէս երկրագունդի մթնոլորտային շերտի մէջ, այնպէս ալ անկէ դուրս։

Իրանցի մասնագէտներու պնդմամբ, նոր հրթիռը կրնայ յաղթահարել ինչպէս սովորական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը, այնպէս ալ խիստ թանկարժէք այն համակարգերը, որոնք նախատեսուած են մթնոլորտային շերտէն այն կողմ թռչող հրթիռներու խոցման համար։