image

Իրան բանակցութիւններէն չի հրաժարիր, բայց գլուխ չի խոնարհեր աւազակներու առաջ. Փեզեշքիանը՝ ԱՄՆ-ի հետ բանակցելու մասին

Իրան բանակցութիւններէն չի հրաժարիր, բայց գլուխ չի խոնարհեր աւազակներու առաջ. Փեզեշքիանը՝ ԱՄՆ-ի հետ բանակցելու մասին

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշեանը յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւնները կրնան վերսկսիլ, եթէ ամերիկեան իշխանութիւններն ապացուցեն իրենց բանակցելու ունակութիւնը։ Անոր խօսքով՝ ամերիկացիներու համար բանակցելու առանցքային պայմանն այն է, որ Իրանը զէնք չունենայ։ Սակայն Փեզեշքեանն ընդգծած է, որ այդ պարագային ԱՄՆ-ն պիտի կարողանայ «ռմբակոծել Իրանը, երբ կամենայ»։ 

«Մենք ասացուածք մը ունինք. նախ ապացուցէ քու ազգակցական կապդ, յետոյ պահանջէ ժառանգութիւնդ», - ըսած է ան՝ նշելով, որ կարելի չէ նախ բոլոր հնարաւոր պատժամիջոցները կիրառել երկրի նկատմամբ, յետոյ բանակցութիւններ առաջարկել։

«Ոմանք կ՚ըսեն, որ մենք այլ տարբերակ չունենք, քան բանակցային սեղանի շուրջ գալ: Սակայն մենք չենք ըսած, որ պիտի չբանակցինք։ Մենք պարզապէս գլուխ չենք խոնարհեր աւազակներու առաջ»,-ըսած է Իրանի նախագահը:

Աւելի վաղ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփն ըսած էր, որ կը նախընտրէր Իրանի հետ համաձայնութեան գալ միջուկային հարցի շուրջ, քան «ռմբակոծել այն»: