image

Իրան ԱՄՆ–ն զգուշացուցած է Իսրայէլի ուղղութեամբ նախապատրաստուող հարուածի մասին. ԱԳՆ

Իրան ԱՄՆ–ն զգուշացուցած է Իսրայէլի ուղղութեամբ նախապատրաստուող հարուածի մասին. ԱԳՆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտոլլահեանը յայտարարած է, որ իրենք դիւանագիտական խողովակներով ԱՄՆ-ն զգուշացուցած են Իսրայէլի ուղղութեամբ նախապատրաստուող հարուածի մասին: Տեղեկութիւնը յայտնած է IRNA-ն։

«Ճշմարիտ խոստում» գործողութիւնը եղած է Դամասկոսի մէջ իսրայէլեան օդուժի կողմէ իրանեան հիւպատոսութեան ուղղուած հարուածի պատասխանը:

«Մենք յստակ եւ բացայայտ ըսած ենք ամերիկացիներուն, որ Իսրայէլի ռեժիմին պատասխանելու որոշում կայացուցած ենք, որ ընդունուած է Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհրդի կողմէ՝ նախագահի ղեկավարութեամբ, եւ այն վերջնական է», -ըսած է նախարարը:

«Ճշմարիտ խոստում» գործողութենէն ետք իրանեան կողմը գիշերուան 2:30-ին դիւանագիտական խողովակներով եւս մէկ ուղերձ յղած է ԱՄՆ–ին`նշելով, որ Թեհրանը չուզեր մեծցնել լարուածութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Այն, ինչ կրնայ մեծցնել լարուածութիւնը տարածաշրջանին մէջ, Իսրայէլի ռեժիմի գործողութիւններն են»: