Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ամիր Ապտըլ Լահիան յայտնած է, որ միջուկային գործարքի վերականգնման շուրջ բանակցութիւնները՝ Թեհրանի եւ միջնորդ պետութիւններուն միջեւ, պիտի վերականգնուին Հինգշաբթի՝ Պրիւքսէլի մէջ:
21 Սեպտեմբերին Իրանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան խօսնակ Սայիտ Խաթիպզատէն ըսած էր, որ միջուկային գործարքի ամբողջական ազդեցութիւնը վերականգնելու բանակցութիւնները Վիեննայի մէջ պիտի վերսկսին քանի մը շաբթուայ ընթացքին: Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի խօսքով՝ Թեհրան կ'ակնկալէ, որ բանակցային գործընթացը պիտի յանգեցնէ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու վերացման:
Յիշեցնենք, որ 2 Դեկտեմբեր 2020-ին Իրանի սահմանադրական պահպանութեան խորհուրդը հաւանութիւն տուած էր Մեճլիսին կողմէ նախապէս ընդունուած օրինագիծին, որ կը պարտաւորեցնէր կառավարութիւնը՝ բարձրացնել ուրանի հարստացման ծաւալը: