image

Իմ իշխանութեան ժամանակ ԱՄՆ-ը ՆԱԹՕ-էն դուրս չի գար, այնքան ատեն որ եւրոպացիները կը վճարեն. Թրամփ

Իմ իշխանութեան ժամանակ ԱՄՆ-ը  ՆԱԹՕ-էն  դուրս  չի  գար, այնքան ատեն որ եւրոպացիները կը վճարեն. Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածու Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ իր յաղթանակի պարագային երկիրը դուրս պիտի չգայ ՆԱԹՕ-էն այնքան ժամանակ, քանի դեռ դաշինքի եւրոպացի անդամները «ազնուօրէն» կը վճարեն իրենց տուրքերը։

Թրամփի այս խօսքերը հնչած են բրիտանական աջակողմեան GB News հեռուստաալիքի եթերին՝ ի պատասխան հաղորդավար Նայճէլ Ֆարաճի հարցին։

«Միացեալ Նահանգները պէտք է վճարէ իր արդար մասնաբաժինը (ՆԱԹՕ-ի մէջ պաշտպանութեան ծախսերը.-Խմբ.) եւ պէտք չէ վճարէ ուրիշներու համար»,- ընդգծած է Թրամփը։

Ան կարծիք յայտնած է, որ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքը «աւելի կարեւոր» է եւրոպական երկիրներու, քան Միացեալ Նահանգներու համար։

«Մեր եւ որոշ խնդիրներու (Եւրոպայի մէջ.-Խմբ.) միջեւ կայ ովկիանոս, մեծ, գեղեցիկ ովկիանոս»,- նշած է ամերիկացի քաղաքական գործիչը։