image

Ի՞նչ պայմաններու տակ ԱՄՆ եւ Իրան կրնան համաձայնիլ. Խաթիպզատէ փակագիծեր բացած է

Ի՞նչ պայմաններու տակ ԱՄՆ եւ Իրան կրնան  համաձայնիլ. Խաթիպզատէ  փակագիծեր բացած է

Այսօր` Երեքշաբթի, Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Սայիտ Խաթիպզատէն հաստատած է, որ «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները մինչ այժմ անհրաժեշտ պատասխաններ չէ տուած միջուկային բանակցութիւններուն մէջ Իրանի նախաձեռնութիւններուն վերաբերեալ»:

Խաթիպզատէ մատնանշեց, որ «Վիեննայի բանակցութիւնները փակուղի մտած են, քանի որ մնացեալ կողմերը կը սպասէին ամերիկեան պատասխանին», յաւելելով. «Եթէ Ուաշինկթընը հեռանայ իր տատանուող դիրքորոշումէն, ապա կարելի է համաձայնութիւն ձեռք բերել»:

Ինչ կը վերաբերի Իրանի մէջ ԱՄՆ յատուկ բանագնաց Ռոպերթ Մալլիի յայտարարութիւններուն, ուր ան ըսած է, որ «Իրանի հետ համաձայնագիր չկայ, եւ անոր կայացման հնարաւորութիւնը, մեղմ ըսած, շատ փխրուն է», Խաթիպզատէն բացատրեց, որ այդ յայտարարութիւնները «ուղղուած է ամերիկեան ներքին գործերուն եւ անոր վերաբերեալ որեւէ մեկնաբանութիւն չկայ», ընդգծելով, որ Իրանի համար կարեւորը այն է, թէ պաշտօնական ուղիներով ինչ կը փոխանակուի Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ:

Միջուկային բանակցութիւններուն առնչութեամբ Արեւմուտքի յայտարարութիւններուն վերաբերեալ Խաթիպզատէ ըսած է. «Այժմ ամերիկեան կողմին հետ կը բանակցինք Իրանի տնտեսական շահերուն հասնելու եւ անոր վրայ առաւելագոյն ճնշման բոլոր քաղաքականութիւնը դարրեցնելու:

Ան շարունակած է. «Սիոնիստական կառոյցը եւ որոշ լրատուամիջոցներ կը փորձեն ուշադրութեան կեդրոնին պահել Իրանի յեղափոխութեան պահակագունդը ահաբեկչութեան ցուցակէն հանելու հարցը», յաւելելով. «Իրանի պատասխանը պարզ է եւ անկեղծ՝ Իրանի ժողովուրդին շահերը, ինչպէս նաեւ անհատներու եւ Իրանի տնտեսականի հետ կապուած երաշխիքներ ստանալը»:

Այդ տեղի կ'ունենայ այն բանէն ետք, երբ աւելի վաղ ԱՄՆ-ն յայտնած էր իր «պատրաստակամութիւնը վերացնելու Իրանի նկատմամբ կիրառուած պատժամիջոցները` ի դիմաց վերջինիս կողմէ ձեռնարկուած քայլերու՝ իր միջուկային ծրագիրը չզարգացնելու»: