image
Հրատապ լուրեր:

Ի՞նչ նուիրած է Պահչէլին՝ Էրտողանին

Ի՞նչ նուիրած է Պահչէլին՝ Էրտողանին

Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան գործընկեր, «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան առաջնորդը նախագահ Էրտողանին նուիրած է  թրքական աշխարհի քարտէզը։

Տեվլեթ Պահչէլին Թուիթըրի իր էջով կիսուած է լուսանկարով մը, որուն մէջ ինք Թուրքիոյ նախագահին կը նուիրէ անձամբ իր կողմէ գծուած թրքական աշխարհի քարտէզով, որուն մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան զգալի մէկ հատուած ներկուած է «թրքական աշխարհի» գոյնով։

Այս փաստը մեծ արձագանգ գտած է Ռուսաստանի մէջ, ուր զայն ընկալած են որպէս «ուղերձ» Ռուսիոյ։