Մէկէ աւելի վերլուծաբաններ խնդրին մասին գրելով մտավախութիւն յայտնած են, որ նման միջադէպեր կրնան նպաստել, որ երկրին մէջ համատարած բախումներ ըլլան վերյիշեցնելով նաեւ, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սկիզբ առաւ նման ներ-համայնքային հրահրումներէ եւ փոքր տիպի բախումներէ ետք։
Լիբանան կ՚անցնի դժուարին օրերէ եւ եթէ Միքաթիի կառավարութիւն կազմելու գործընթացը ուշանայ, ապա չի բացառուիր, որ երկիրը գլտորի արիւնալի բախումներու խորխորատներուն մէջ
Անցնող 48 ժամերը բաւականին լարուած ժամեր հանդիսացան Լիբանանեան հարաւի Մաղտուշէ աւանին համար։
Վառելանիւթ ստանալու համար Մաղտուշէ աւանի հարեւան Անքուն ( عنقون) գիւղէն խումբ մը քաղաքացիներ ոտից գլուխ զինուած աւան հասան եւ խռովութիւններ հրահրել փորձեցին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ լիբանանեան լրասփիւռներէ , որոնք նաեւ նշեցին, որ Մաղտուշէի մէջ գտնուող վառելանիւթի կայարան մը յայտարարած է, որ իրենց ունեցաղ վառելանիւթը տրամադրելի է միայն գիւղի բնակիչներուն, որուն հետեւանքով լարուածութիւնը դարձած է համատարած։
Լիբանանեան Lebanonon կայքը այս մասին գրելով կը նշէ, որ չի բացառուիր, որ ներ-համայնքային բախումներ սկսին, յատկապէս որ Մաղտուշէի բնակիչները քրիստոնեայ են (մեծաւ մասամբ յոյն-կաթողիկէ համայնքէն), իսկ հարեւան «Անքուն» գիւղի բնակիչները շիիթ համայնքէն (մօտիկ «Ամալ» շարժումին)։
Զգալի դարձած լարուածութիւնը մեղմելու նպատակով Մաղտուշէ այցելած են (Խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրիի թելադրանքով) հարեւան գիւղը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ գիւղի իմամին, իսկ բանակային ուժեր տարածուած են շրջանին մէջ կանխելու համար վտանգաւոր զարգացումները։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ բանակը մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը փորձած է փակ պահել դէպի Մաղտուշէ տանող ճանապարհները, այդպիսով ապահովութիւն պարգեւելով քրիստոնէական գիւղի բնակիչներուն։