image

Ի՞նչ խնդրած է Զելենսքիի կինը Միացեալ Նահանգներէն

Ի՞նչ խնդրած է Զելենսքիի կինը Միացեալ Նահանգներէն

Վլատիմիր Զելենսքիի կինը՝ Ելենան, ելոյթ ունենալով ԱՄՆ Քոնկրէսին մէջ, կոչ ըրած է ԱՄՆ-ին օգնելու իր երկրին հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերով։

«Ես մէկ բան կը խնդրում, որ երբեք չէի ուզեր խնդրել: Ես ձեզմէ զէնք կը խնդրեմ, զէնք, որ կ'օգտագործուի մեր տունը պաշտպանելու եւ այդ տան մէջ ողջ արթննալու իրաւունքի համար: Ես կը խնդրեմ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր»,-ըսած է Զելենսքաիան։

Նշելով, որ Քոնկրէսը շուտով արձակուրդի պիտի մեկնի, Զելենսքաիան կոչ ըրած է ամերիկացի օրէնսդիրներուն արագ լուծել այս հարցը։ ԱՄՆ-ն արդէն խոստացած է Ուքրանիոյ փոխանցել NASAMS միջին հեռահարութեան հակաօդային պաշտպանութեան ժամանակակից համակարգեր։

Զելենսքաիան ըսած է, որ ինքը օտարերկրեայ առաջնորդի առաջին կինն է, որ Քոնկրէսի մէջ ելոյթ ունենալու հրաւէր ստացած է։ Նախօրէին Սպիտակ տան մէջ անոր ընդունած էին ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը կնոջ՝ Ճիլի հետ։ Մինչ այդ Զելենսքաիան հանդիպում ունեցած է արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ։