Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ հանդիպած է ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքսթինի հետ եւ անոր հաղորդագրութիւն փոխանցած այն մասին, որ Իսրայէլը քանի մը պահանջներ ունի հիւսիսային ճակատի վրայ «Հըզպալլա»ի հետ կարգաւորման համար:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները կիրակի օր յայտնած են, որ Իսրայէլ քանի մը պահանջներ ունի, Լիբանանի հետ հիւսիսային սահմանին վերաբերեալ։
«Քան» կայանի քաղաքական հարցերով մեկնաբան Ամիխայ Շթայնը յայտնած է, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ երէկ հանդիպած է ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքսթինի հետ։
Շթայն նաեւ նշած է, որ Կալանթի ուղերձը Հոքսթինին այն էր, որ «Իսրայէլը պատրաստ է բոլոր հնարաւոր կարելիութիւններուն՝ հիւսիսի մէջ սպառնալիքը վերացնելու համար», նկատի ունենալով «Հըզպալլա»ի սպառնալիքը. Ան նաեւ յստակեցուցած է Իսրայէլի երեք պահանջները, այս կարգաւորման հասնելու համար։
Ըստ թղթակցին, առաջին պահանջը՝ «Ռատուան» մասնայատուկ ուժերու սահմանէն դէպի Լիթանիի ափ հեռացնելն է։
Ան նաեւ նշած է, որ երկրորդ պահանջը կապուած է Հակաթանկային կառավարուող հրթիռներ արձակելու «Հըզպալլա»ի կարողութեան հետ, եւ ըստ այդմ «Իսրայէլ կը պահանջէ որ անոր ուժերը սահմանէն 8-էն 10 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ տեղակայուին»:
Ինչ կը վերաբերի երրորդ պահանջին, ապա «Իսրայէլը կողմնակից է հրադադարին եւ փոխըմբռնման, եւ կ՚ուզէ որ նախապայմանները կատարուին, «ատկէ վերջ է, որ կրնան բնակիչները հրաւիրել վերադառնալու հիւսիս»։
Օրեր առաջ, իսրայէլեան լրատուամիջոցները հաստատած էին, որ հիւսիսային ճակատին մէջ կը տիրէ անորոշութիւն եւ լարուածութիւն, որ տեղիք կու տայ տարբեր երնթադրութիւններու՝ այն գինի մասին որ պիտի վճարէ Իսրայէլի ներքին ճակատը «Հըզպալլա»ի հետ առճակատման պարագային:
Անոնք նաեւ նշած էին, որ հասարակութեան մօտ տիրող տրամադրութիւնը փոխուած է դէպի վատը, քանի որ հիւսիսային բնակավայրերու «բնակիչները» այժմ ծանօթ են «Հըզպալլա»ի հետ առճակատաման հետևանքներուն, յատկապէս, որ հազարաւոր տուներ արդէն դատարկուած են ու անոնց բնակիչները ստիպուած են այլ շրջան տեղափոխուիլ եւ նոյնիսկ մտածել Իսրայէլէն հեռանալու մասին։
Պաշտօնական վիճակագրութեան համաձայն՝ իսրայէլեան լրատուամիջոցները պարզած են, որ պատերազմի սկիզբէն ի վեր «Հըզպալլա»ի կրակէն տուժած է աւելի քան 500 տուն եւ շինութիւն։