Սթոքհոլմի միջնորդական ատեանը 24 դեկտեմբեր 2025-ին ամբողջութեամբ մերժած է Liormand Holdings Limited-ի, Սամուէլ Կարապետեանի, Էթերի Կարապետեանի, Սարգիս Կարապետեանի եւ Կարէն Կարապետեանի (այսուհետ՝ «Հայցուորներ») կողմէ ներկայացուած միջնորդութիւնը։ Այս մասին յայտնած են կառավարութենէն։
Միջնորդութեամբ, ի թիւս այլնի, Միջնորդական ատեանէն կը պահանջուէր արտակարգ միջնորդի (Emergency Arbitrator) կողմէ 22.07.2025 թուականի թիւ EA 2025/121 վճիռի՝ ՀՀ կողմէ չկատարման փաստի հաստատումը, «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ՓԲԸ-ի (ՀԵՑ) արտօնագրի եւ վերջինիս կառավարման մարմիններու անդամներու լիազօրութիւններու վերականգնումը, ինչպէս նաեւ նշանակուած ժամանակաւոր կառավարիչի լիազօրութիւններու դադրեցումը։ Բացի այդ, ատեանէն հայցուած էր նաեւ արգիլել ՀԵՑ-ի բաժնետոմսերու կամ այլ նիւթական միջուներու հարկադիր վաճառքը, օտարումը կամ որեւէ այլ եղանակով տնօրինումը։
Միջնորդական ատեանը ամբողջութեամբ մերժած է նշուած բոլոր պահանջները՝ եզրակացնելով, որ Հայցուորներու կողմէ պահանջուած ապահովման միջոցները հիմնաւորուած չեն։
Միջնորդական ատեանը նաեւ որոշած է, որ միջնորդութեան քննութեան հետ կապուած բոլոր ծախսերը ամբողջութեամբ պիտի կրէ Հայցուոր կողմը։
«Այս որոշմամբ պահպանւում է արբիտրաժային վարոյթի ամբողջականութիւնը եւ համակողմանիութիւնը՝ ապահովելով, որ հետագայ ցանկացած որոշում կը կայացուի բոլոր վերաբերելի ապացոյցների հիման վրայ եւ Արբիտրաժային տրիբունալի՝ իր իրաւազօրութեան եւ կիրառելի իրաւունքի վերաբերեալ գնահատականի համաձայն։
Հայաստանը ողջունում է տուեալ որոշումը, որը կայացուել է վէճն, ըստ էութեան, լուծելու իրաւասութիւն ունեցող Արբիտրաժային տրիբունալի, այլ ոչ թէ «արտակարգ արբիտրի» կողմից։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերահաստատում է իր յանձնառութիւնը՝ արբիտրաժային վարոյթին մասնակցել բարձր պրոֆեսիոնալիզմով եւ գործընթացի նկատմամբ լիակատար յարգանքով՝ միաժամանակ հետեւողականօրէն պաշտպանելով իր դիրքորոշումները եւ շահերը, ինչպէս նաեւ շարունակելով կառուցողական համագործակցութիւնը Հայցուոր կողմի եւ Արբիտրաժային տրիբունալի հետ»,-ըսուած է կառավարութեան յայտարարութեան մէջ։