Վերջին օրերուն լիբանանեան լուրեր տարածող հարթակներ կը խօսին՝ «Շնաձուկ»երու երեւման մասին։
Կարգ մը դէպքեր պատահած են Ճիւնիի շրջանի ափերուն, ու աւելի վերջ ալ տեղեկութիւններ տարածուած են, թէ պէյրութցի որսորդներէն մին կարողացած է «որսալ» շնաձուկ մը։
Աւելի ուշ պարզ դարձած է, որ շնաձուկի որսի մը պարագան ճիշդ է եւ այն տեղի ունեցած է Պէյրութի «Ուզահի» շրջանի ափերուն։
Դէպքերը զարմանք պատճառած են լիբանանցիներուն, իսկ ծովային պաշարներու պետական մարմինը մինչեւ այս լուրին հրապարակուիլը եղածներուն մասին մեկնաբանութիւն չէ կատարած։