image

Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբեղայի այցելութիւնը

Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբեղայի այցելութիւնը

 

 Պոլսոյ  հայոց միաբանութեան երիտասրդ անդամներէն  Հոգշ Տ. Մաքաղիա վրդ.Պէսքիսիզեան, որ հոգեւոր ծառայութեան նետուած է   Եւրոպայի  մէջ  օրերս այցելած է    Իսթանպուլ եւ  բնականաբար  այցի գացած է  Պոլսոյ Հայոց  Սահակ  Բ.  Պատրիարքին։ 

 

Այս մասին կը կարդանք Պատրիարքարանի դիմատետրի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 2 մարտ 2023, հինգշաբթի, ընդունեց աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղյ. Պէսքիսիզեանը, որ ուսումը կը շարունակէ Եւրոպայի մէջ։

Հայր Սուրբը յայտնեց, որ իր աւարտաճառին վրայ կ’աշխատի, այս պատճառաւ եկած է քաղաքս եւ նոյն առթիւ կը ներկանայ Նորին Ամենապատուութեան։ Ան իր ուսման եւ կատարած Լիէժի հովուութեան մասին տեղեկութիւն տուաւ մեր Հոգեւոր ՊԵտին։

Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց Հայր Սուրբը եւ յաջողութիւն մաղթեց ուսման ու հովուական գործունէութեան մէջ։